2016-03-02 09:51:00

Սուրիոյ խաղաղութեան բանակցութիւնները` 9 մարտին. կ՛ըսէ Լաւրով


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ Թուրքիայէն մարդասիրական օգնութեան բեռնատարներու շարասիւնով զէնք կը տարուի Սուրիոյ զինեալներուն: «Առանձնայատուկ խնդիր է` կասեցնել ահաբեկիչներու մատակարարումը դուրսէն, որուն համար անհրաժեշտ է փակել Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանը, որուն ճամբով զէնք կը մատակարարուի յելուզակներուն, ներառեալ` մարդասիրական օժանդակութեան բեռնատարերու շարասիւնով», ընդգծեց ան:

Լաւրով ուշադրութիւն հրաւիրած է այլ երեւոյթի մը վրայ նաեւ` նշելով, որ այդ տեղեկութիւնը հրապարակելու թուրք լրագրողներու փորձերը Անգարայի կողմէ դատական հետապնդումի կ՛ենթարկուին: «Այս մասին յայտնող լրագրողները դատի կու տան եւ կը դատապարտեն երկար տարիներու բանտարկութեան», նշեց ան:

Լաւրով յայտարարեց. «Ահաբեկիչներն ու ծայրայեղականները Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման հոլովոյթին ու զինադադարի դրութեան մէջ տեղ չունին»: Ան մտահոգութիւն յայտնեց Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու կացութեան վատթարացման նկատմամբ` նշելով. «Մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւնը այլ երկիրներու հարցերուն միջամտելու իբրեւ պատրուակ օգտագործելը անընդունելի է»:

Լաւրով ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան մարտ ամսուան առաջին 10 օրերուն ընթացքին: Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա իր կարգին նշեց, որ այդ բանակցութիւնները ընթացք պիտի առնեն 9 մարտին:

Մինչ այդ, Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Չինաստանէն, Քանատայէն, Գերմանիայէն եւ Յունաստանէն 33 լրագրողներու խումբ մը Լաթաքիոյ նահանգի Քանասպա շրջանին մէջ ենթարկուեցան ռմբակոծման: Քանի մը լրագրողներ թեթեւօրէն վիրաւորուեցան: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշենքով յայտարարեց. «Ռմբակոծումը կը կատարուէր Թուրքիոյ սահմանին կողմէ, Իտլիպի մերձակայ Տամա բնակավայրի շրջանէն»: Անոնք ռմբակոծուած են Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց. «Վերջին երեք օրերուն Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը Հմէյմիմ ռազմակայան տեղափոխած է անօդաչու թռչող սարքերու ժամանակակից երեք համակարգեր, փոքր չափի թիրախներու յայտնաբերման ռատարի երկու կայաններ, որոնք կ՛արտօնեն ամբողջովին վերահսկել տագնապի գօտիին կացութիւնը: Օդային տարածքի հսկողութիւնը կը կատարուի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ռատարներու միջոցներով, ներառեալ` սուրիական եւ ռուսական օդուժի օդանաւերով»:

Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած Արաբական դաշինքի բանբեր Ահմետ Ասիրի երէկ յայտարարեց. «Թուրքիոյ Ինճիրլիք ռազմակայանին մէջ գտնուող սէուտական պատերազմական օդանաւերը պատրաստ են եւ հրամանի կը սպասեն»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն գոհ է Սուրիոյ մէջ զինադադարի գործադրութեան ընթացքէն: «Թէեւ խախտումներու մասին լուրեր կան, սակայն Սուրիոյ շրջաններուն մեծամասնութեան մէջ բռնարարքներու նահանջ արձանագրուած է, եւ մենք բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք մարտական գործողութիւններու դադրեցման համաձայնութեամբ ստանձնուած պատասխանատուութենէն փախուստ տալու միջոցներ չփնտռելու, այլ հոլովոյթին օժանդակելու», ըսաւ ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.